Եկէք անկեղծ խօսինք

<p><strong>Բարի գալուստ «Եկէք անկեղծ խօսինք» արեւմտահայերէնով փոդքասթ մը, որ կը վարէ Սագօ Արեանը:</strong></p><ul><li><strong> Իւրաքանչիւր յայտագրի ընթացքին Սագօն կը հրաւիրէ հայ սփիւռքի նշանաւոր մշակութային, հասարակական գործիչներ՝ հետաքրքրական եւ խորաթափանց զրոյցներու: Այս զրոյցներու միջոցով ունկնդիրները պիտի ծանօթանան հայ համայնքներու հարուստ ժառանգութեանը, մշակութային եւ արդիական խնդիրներուն:</strong></li></ul><p><strong>Միացէ’ք այս ձայնային ճամբորդութեանը՝ յիշելու այն ձայները, որոնք կը կազմեն մեր անցեալը, ներկան եւ ապագան:</strong></p>

Եկէք Անկեղծ Խօսինք #56 | Սէրուժ Պաղտասարեան (C-rouge) | Ինքնութիւն, Հայկական Ոգի, Երաժշտութիւն

🎼Զգացումներ, ուժ եւ ոգի… Ինչի՞ մասին է իր երաժշտութիւնը։🇦🇲Երեւանի մէջ տրուած համերգը կը խօսէր նոր ձայնի մը մասին։🇱🇧Պէյրութը այլ միջավայր է, հանգստութիւն կու տայ։🇦🇲Ինչո՞ւ Հայաստան գալ, ի՞նչ պատճառներով եւ ի՞նչ պայմաններու տակ։🎵🇦🇲Ո՞րն է իրական հայ երգը եւ ի՞նչ յատկանիշներ պէտք է՝ զայն որպէս հայ երգ ներկայացնելու համար։Մեր հիւրին պատգամը՝ «Սիրեցէ’ք հայ եւ մնացէ’ք» հայ։⭕️Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան անկեղծ զրոյց մը ունեցած է. լիբանանահայ երաժիշտ Սէրուժ Պաղտասարեանին հետ։

12-07
42:44

Եկէք Անկեղծ Խօսինք #55 | Արա Սանճեան. Պատմութիւն, Հայու Ինքնութիւն, Կրթութեան Կարեւորութիւն

🇦🇲Ջանք կայ՝ Հայաստանի պատմութիւնը վերաիմաստաւորելու։Նոր չեն պատմութիւնը վերաիմաստաւորելու փորձերը։ Շատ մը պարագաներու այսօր տեղի ունեցող դէպքերը կը փոխառընչենք անցեալի դէպքերուն։Պապ Թագաւորի օրինակը եւ Փաշինեան-Գարեգին Բ. լարուածութիւնը ուղղիղ կապ մը չունին, բայց հասարակութիւնը միշտ կը փորձէ կառչիլ անցեալի պատմութենէն եւ անցեալի դէպքերէն։Պատմութիւնն ի վերջոյ ի՞նչ է մեր հիւրին համար։ Հայաստանի մասին մեծ-մեծ խօսիլը կամ անցեալը յիշատակելը ոչ այնքան դրական է, քան՝ բարձր մակարդակի կրթութեան տիրացած ըլլալը։⭕️Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է պատմաբան, համալսարանի դասախօս՝ Դոկտ. Արա Սանճեանին հետ։

11-17
01:11:20

Եկէք Անկեղծ Խօսինք #54 | Սօսէ Ալեքսա Գրիգորեան. Արեւմտահայերէն, Երուսաղէմ, Հայութեան Ապրած Տագնապներ

🎥Մեր հիւրն ի՞նչ պայմաններու տակ սկսաւ տեսանիւթեր արձանագրել։Ի՞նչ էր հիմնական նպատակը։ 🇦🇲Հայաստանը ի՞նչ փոխած է իր մէջ։Մեծ թիւով հայաստանցի օգտատէրեր ի՞նչ կարծիք յայտնած են անոր պատրաստած տեսանիւթիւներուն մասին։✈Օդանաւը ինչպէ’ս եւ ո’վ «հանած է», ինչի՞ մասին է խօսքը։🇦🇲🇮🇱Երուսաղէմի հայութեան ապագային մասին։Որո՞ւ կարիքն ունինք այսօր եւ ինչո՞ւ։Հայերն ի վերջոյ խելացի՞ են։⭕Այս նիւթերու շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է երգչուհի, պլոկըր Սօսէ Ալեքսա-Գրիգորեանին հետ։

11-08
01:06:30

Եկէք Անկեղծ Խօսինք #53 | Տիգրան Գաբոյեան. Հալէպ, Արեւմտահայ Գրականութիւն, Սփիւռքի «Անորոշութիւն»

🇸🇾Հալէպէն խոյս տալ եւ խուսափիլ, ի՞նչ պատճառներով եւ ինչո՞ւ։ Հալէպ «նոր վերադարձ»ը բոլոր առումներով տարբեր եղաւ, հինէն եկած կապուածութիւնը վերակենդանացաւ։ «Ես խղճացի Հալէպ»ին. ըսաւ մեր հիւրը։ Վերջին գրողները արեւմտահայ գրականութեան. ինչո՞ւ վերջին։ Հայաստանի մէջ գիտե՞ն արեւմտահայ գրականութեան մասին։ 🇺🇸Լոս Անճըլըս. «նոր յո՞յս», թէ՞ «նոր իրավիճակ։ 🇦🇲Երեւանի մէջ «Արեւմտահայկական ճաշարա՞ն», թէ՞ «Արեւմտահայերէն դպրոց»։ Սփիւռքը պատրա՞ստ է Հայաստանին իր «տոլարներ»ը տալու։ Ի՞նչ է «Պարոն սփիւռք»ի ուզածը այսօր։ Հզօր սփիւռք մը ի՞նչ պիտի տայ Հայաստանին։ Հայաստանն ի վերջոյ ինչքա՞ն ժամանակի մէջ կը դառնայ հզօր երկիր եւ հզօր պետութիւն։ ⭕Այս նիւթերու շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է բնիկ հալէպահայ բանաստեղծ եւ լրագրող՝ Տիգրան Գաբոյեանի հետ։

10-26
59:55

Եկէք Անկեղծ Խօսինք #52 | Հրայր Զաքարեան | Փօլ Պաղտատլեան, Ատիս, Հայ Երգի «Ոսկեայ Օրեր», Լիբանան

🇸🇾🇱🇧🇺🇸Գամիշլիէն Պէյրութ եւ Պէյրութէն Միացեալ Նահանգներ. Դժուար ճանապարհ եւ հայու ճակատագիր 🎼Հայ երգի եւ երաժշտութեան հանդէպ սէրը կիրք է խորքին մէջ։Ի՞նչ միջոցներով Հրայր Զաքարեան մեծ յաջողութիւններու հասաւ։🇱🇧Լիբանանի վիճակը ծանր է այս օրերուն, սակայն գաղութը կը շարունակէ ապրիլ…🇺🇸Որո՞ւ կը հեռաձայնէ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ։Հայ երգի վիճակը անմխիթա՞ր է։Փօլ Պաղտատլեանը եւ Ատիսը կերտեցին արդի երգի «Ոսկեայ տոմար»-ը։🇦🇲Ո՞ւր սխալեցաւ հայութիւնը եւ ի վերջոյ՝ ինչո՞ւ պատրաստ չէինք Արցախի պատերազմին։⭕Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է մշակութային գործիչ, կազմակերպիչ՝ Հրայր Զաքարեանին հետ։

10-17
42:27

Եկէք Անկեղծ Խօսինք #51 | Կարօ Պուլտուքեանը՝ Սիկարի Մշակոյթին Եւ Garo Cigars-ի Մասին

Քալել, անվերջ քալել. Քալելը միայն ապրելաոճ չէ, այլ՝ տարերք։🇺🇸Ի՞նչ պայմաններու տակ ան հասաւ Միացեալ Նահանգներ ու նաեւ՝ Հարաւային Ամերիկա 🚬Սիկարի հանդէպ հետաքրքրութիւնը ուրկէ՞ կու գար։Սիկար ծխելը, ըստ անոր, վատ սովորութիւն մը չէ, այլ՝ կենսակերպ։Սիկարը նաեւ ապրումի, յաջողութեան եւ բարեկեցութեան խորհրդանիշ է։👨‍⚕Հոգեբանի երթալու փոխարէն, կարելի է նաեւ սիկար մը վայելել։Եւ ի վերջոյ, ի՞նչ պայմաններու ներքոյ Կարօ Պուլտուքեանին յաջողուեցաւ ստեղծել ՝ Garo Cigars-ը։⭕Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է ապրանքանիշի տէր, հանրայայտ բժիշկ՝ Կարօ Պուլտուքեանին հետ։

10-06
51:20

Եկէք Անկեղծ Խօսինք #50 | Ստեփան Փարթամեան եւ Գէւ Օրգեան | Մշակոյթ, Հայաստան, Խնդուք, Կատակերգութիւն

❓Ո՞վ եւ ինչո՞ւ իրեն ըսած է. «Գէւ, ատ շարժումը ըրիր այսօր, բայց յաջորդին մինէր…»: ✋Ո՞վ ապտակեց Գէւին։ Ինչո՞ւ եւ ի՞նչ պատճառներով «ոչխար ժողովուրդ» ենք… 🎵«Թաթուլի մայրաքաղաք»ը ո՞ւր է։ Ի՞նչ պատճառներով Գէւ Օրգեան կը տխրի։Ստեփան Փարթամեան կը խօսի հայու տեսակի մը մասին, Easy come easy go-ին մասին, որո՞նք են ատոնք։ 🇦🇲«Բոլոր հայերը Պարպատոս երթալու տեղ, Հայաստան թող գան»։🇦🇲🇮🇱Հայերու եւ հրեաներու տարբերութիւնները …⭕Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է Ստեփան Փարթամեանի եւ Գէւ Օրգեանի հետ

09-28
01:11:18

Եկէք Անկեղծ Խօսինք #49 | Յակոբ Չոլաքեան՝ Քեսապի, Արեւմտահայէրէնի եւ Իրական Հայրենիքի մասին

🇦🇲🇸🇾Նոյ նահապետը եւ Քեսապը. Ի՞նչ է առընչութիւնը։Մարդ միայն բարեկեցութեա՞ն համար կ՚ապրի։Հայերը ինչո՞ւ կը փախչին. ի՞նչն է պատճառը։🇦🇲🇵🇸Պաղեստինցիները եւ հայերը. ի՞նչ տարբերութիւններ կան։Միայն դպրոցն է, որ կրնայ պահել մեզ եւ մեր լեզուն։Չկայ հայրենիք, ուրեմն չկայ հայութիւն։⭕Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է բնիկ քեսապցի գրող եւ հայագէտ՝ Յակոբ Չոլաքեանին հետ։

09-13
42:50

Եկէք Անկեղծ Խօսինք #48 | Միրա Եարտըմեանը՝ Լիբանանի, Լիբանահայութեան Վախերուն Եւ Հայաստանի Արժէքին Մասին

🇱🇧Ի՞նչ գործընթացներ են Լիբանանի մէջ. Ի՞նչ են ակնկալիքները։Լիբանանցիք վարժ են տագնապներու մէջէն թիավարելու։Վերջապէս երկիրը ունեցաւ նախագահ, կառավարութիւն եւ այդ մէկը իր հետ լաւատեսութիւն բերաւ։Լիբանան ապրիլը ինքնին որոշումի մը մասին կը խօսի։🇦🇲Սփիւռքահայերը ինչքանո՞վ կապուած են հայրենիք Հայաստանին։Հայաստանի մէջ է, որ շատ մը սփիւռքահայեր զիրար ճանչցան եւ ստեղծեցին նոր ու մշտական կապեր։Սփիւռքի մշակութային զանազանութիւնը հարստութիւն է հայութեան համար։⭕Այս բոլորին մասին Սագօ Արեան զրուցած է լիբանանահայ համայնքային-միութենական գործիչ՝ Միրա Եարտըմեանին հետ։

09-08
25:57

Եկէք Անկեղծ Խօսինք #47 | Մարիա Ղարիպեանը՝ Նորաձեւութիւն, Հայրենասիրութիւն Եւ Հայաստանի Մարտահրաւէրներ...

🇸🇾🇦🇲Մեծ է թիւը անոնց, որոնք չդիմացան Երեւանի մէջ ու վերադարձան Հալէպ, հոնկէ ալ հեռացան դէպի եւրոպական ափեր🇦🇲👗Նորաձեւութիւն. Ինչպիսի՞ն է այդ ոլորտի վիճակը Հայաստանի մէջ, ի՞նչ են խնդիրներըՀալէպ, թէ՞ Երեւան. ո՞ր քաղաքն է նախընտրութիւնը։Երեւանի հանդէպ սէրը…📲I Phone 16-ը եւ նորաձեւութեան աշխարհը. Ի՞նչ են կապերըՈ՞րն է Մարիա Ղարիպեանի մեծագոյն երազը Այս նիւթերու շուրջ Սագօ Արեան զրուցեց նորաձեւութեան բնորդուհի Մարիա Ղարիպեանին հետ

08-19
36:45

Եկէք Անկեղծ Խօսինք #46 | Կիրակոս Գույումճեանը՝ Հալէպի, Գործարարության եւ Հրապարակախօսութեան Մասին

🇸🇾🇦🇲Ի՞նչ մնաց «Հին Հալէպ»էն...Երազ էր Հալէպը, ու այնտեղ ապագայ մը կերտելը դարձաւ երազանք։ 📝Մեր խօսակիցը ինչպէ’ս կարողացած է միացնել գրելու ձիրքն ու գործարարի կեանքը։🇦🇲Սփիւռքահայերու Հայաստան վերադարձի հարցը. ինչո՞ւ տապալեցաւ... Ի՞նչ առաջարկեց մեր հիւրը, որ Հայաստանի զարգացման ճանապարհին դրական տեղաշարժ մը գոյանայ։⭕Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է քուէյթահայ գրող, հրապարակախօս եւ գործարար Կիրակոս Գույումճեանին հետ։

08-12
56:29

Եկէք Անկեղծ Խօսինք #45 | Սարգիս Պալըխեանը՝ Հայաստանի Ապագայի, Հեղափոխութեան, Սփիւռքի եւ Հայ Դատի Մասին

🇦🇲Հայկական ապագան ինչո՞ւ մթագնած է։Ո՞ւր կարելի է հանգիստ ապրիլ։Ո՞վ լաւ ընդդիմադիր էր, եւ ո՞վ է ան, որ Հայաստանն այսօր անկարող է ղեկավարել։Սփիւռքի մէջ ի՞նչը կարիք ունի բարեփոխման եւ ինչո՞ւ։🇦🇲Ո՞րն էր առաջնային. Հայոց Ցեղասպանութեան խնդի՞րը, թէ՞ Արցախը որպէս Հայաստանի մաս ճանաչելը։Ի վերջոյ, առանց Հայաստանի հայ ժողովուրդը պիտի կարողանա՞յ գոյատեւել, թէ՞ ոչ։⭕️Այս նիւթերուն մասին Սագօ Արեան զրուցած է հանրային գործիչ, «Հալէպ» բարեսիրական միութեան նախագահ Սարգիս Պալըխեանին հետ։

08-02
01:00:20

Եկէք Անկեղծ Խօսինք #44 | Համբիկ Սարաֆեանը՝ Սփիւռքի, Հայաստան-Թուրքիա Կապերու Եւ Խաղաղութեան Մասին

🇱🇧🇦🇲Պէյրութի հայկական թաղամասերու՝ Հաճընի, Խալիլ Պատուիի եւ Պուրճ Համուտի մէջ ի՞նչ փոխուած է այսօր եւ առհասարակ ի՞նչ են սփիւռքահայութեան հիմնահարցերը։«Հինցած» խօսոյթները վտանգաւո՞ր են եւ ինչո՞ւ։ Իւրաքանչիւր արտայայտութիւն, պիտակ եւ մեղադրանք պիտի ունենայ իր հակազդեցութիւնը։Ի՞նչ պատճառներով պէտք է ըլլալ զգոյշ եւ իրատես։ Ճիշդ նաւարկել այսօրուան աշխարհին մէջ եւ ինչպէ՞ս հասնիլ այդ մակարդակին։⭕Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Տօքթ. Համբիկ Սարաֆեանին հետ։

07-24
52:59

Եկէք Անկեղծ Խօսինք #43 | Սեդրակ Պալեանը՝ Երուսաղէմի, Save the ARQ-ի եւ «Կովերու Պարտէզ»ի մասին․

Ե՞րբ եւ ի՞նչ պայմաններու տակ հիմնուեցաւ նախաձեռնութիւնը։🇦🇲🇮🇱«Կովերու պարտէզ»ը ինչո՞վ կը կարեւորուի։Գործարքը , որ կնքուած է՝ «լա՞ւ» կամ «վա՞տ» գործարք է։Ո՞վ եւ ինչո՞ւ յարձակում գործեց Երուսաղէմի հայ բնակիչներուն վրայ եւ ինչո՞վ աւարտեցաւ այդ բախումը։🇮🇱🇦🇲Երուսաղէմը եւ Արցախը ինչո՞վ կը նմանին իրարու։Հայութիւնը պէտք է ոտքի ելլէ՝ փրկելու հայկական Երուսաղէմը⭕️Այս բոլորին մասին Սագօ Արեան զրուցած է Save the ARQ նախաձեռնութեան համահիմնադիր Սեդրակ Պալեանին հետ

07-11
42:16

Եկէք Անկեղծ Խօսինք #42 | Արա Գօչունեանը՝ ինքնութեան, Թուրքիոյ մէջ թերթ հրատարակեկու եւ մամուլի մասին

🇦🇲🇹🇷Թուրքիոյ մէջ ինքնութեան հարցեր, հայերէն թերթ հրապարակելու փորձառութիւն։Այսօր որո՞նք են պոլսահայութեան մարտահրաւէրները։Պահպանողական ըլլալու մասին կան կարծրատիպեր եւ պիտակաւորումներ։Ինչպէ՞ս վերաբերիլ, երբ դիմացինդ քեզի «Դուն թուրք ես» կ՚ըսէ…Հայ մամուլի խնդիրներն այսօր։...⭕️Այս նիւթերու շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր՝ Արա Գօչունեանին հետ։

06-02
58:48

Եկէք Անկեղծ Խօսինք #41 | Այտա Մինասեանը՝ մանկապատանեկան թերթերու, արեւմտահայերէնի և Հալէպի մասին

📰Սփիւռքեան գաղութներուն մէջ մանկապատանեկան թերթերը ինչպէ՞ս զարգացան։Այսօր ի՞նչ վիճակի մէջ է արեւմտահայերէն մանկագրութիւնը։🇦🇲Սպասումներ կա՞ն, որ Հայաստանի մէջ արեւմտահայերէնը ծաւալուի։Հ-ո՞վ գրել, թէ՞ յ-ով. Յակոբ Չոլաքեանը ձեւ մը կ՚առաջարկէ, իսկ Արմենակ Եղիայեանը՝ բոլորովին այլ ձեւ։🇸🇾🇦🇲Մեր հիւրին համոզումով՝ «Հալէպը կայ ու կը մնայ»։⭕️Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է մանկավարժ, մանկապատանեկան թերթերու հրատարակիչ՝ Այտա Մինասեանին հետ։

05-24
36:26

Եկէք Անկեղծ Խօսինք #40 | Մանօ Բրուտեանը`Սուրիայէն Հայաստան անցում, դժվար տարիներ եւ առողջ ապրելակերպ

🇦🇲🇸🇾Ետդարձի ճանապարհ չկար. լեզուն ամբողջութեամբ հասկնալու հարց կար։ Ինչո՞ւ բոլորը ծուռ կը նայէին։ Մանոյի եղբօր մազերը խօսելու թեմա դարձան։Կօշիկի կապ կապելու դժուարութիւն, ինքնաշարժին տակ պառկելու խնդիր եւ շնչակտուր վիճակ։🏋‍♂Ե՞րբ սկսիլ մարզանքի եւ ինչո՞ւ։ 🇦🇲Ինչպէս զարգացաւ մարմնամարզութիւնը Հայաստանի մէջ։ ⭕Եւ այս բոլորէն անդին, ճիշդ սնուելու, ժամանակը յարգելու եւ առողջ ապրելու մասին Սագօ Արեան զրուցած է մարմնամարզիչ եւ սննդաբան Մանօ Բրուտեանին հետ

05-16
48:33

Եկէք Անկեղծ Խօսինք #39 | Լեւոն Իսկէնեանը՝ Երաժշտութեան, Մշակոյթի եւ Պատերազմի Հետեւանքների մասին

🎵Ինչպէ՞ս «Կիւրճիէֆ անսամպլ»ի կատարումները հասան միջազգային երաժշտական հարթակներ։ 🏆Ի՞նչ մրցանակներ ստացած է Լեւոն Իսկէնեանի ղեկավարած «Կիւրճիէֆ անսապլ»ը։Կային քաղաքներ, ուր հայկական երաժշտութիւնն առաջին անգամ հնչեց։ Կեանք մը, որ կ՚անցնի պատերազմներու մէջէն։Մեր իրական զէնքը նաեւ մշակոյթն է։⭕️Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է երաժիշտ Լեւոն Իսկէնեանին հետ։

05-04
38:57

Եկէք Անկեղծ Խօսինք #38 | Նուշիկ Միքայէլեան-ը՝ մշակոյթի, Հայաստանի եւ գրողի խնդիրներուն մասին

Երկու մշակոյթներով ապրիլ. Դժուա՞ր է, թէ՞ դիւրին 🇦🇲Հայաստանը ունի՞ առաւելութիւններ Հայաստանի հարուստները եւ մշակոյթը. կա՞ն առընչութիւններ Այսօր բարոյական մթնոլորտը խոցելի է. ի՞նչ են պատճառները Հզօր պետութիւնը ուրկէ՞ սկիզբ կ՚առնէ Ինչո՞ւ գրողը պահուան մը համար «մահացաւ» եւ ո՞ւր եղաւ ատիկա։⭕Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է գրող Նուշիկ Միքայէլեանին հետ։

04-26
48:54

Եկէք Անկեղծ Խօսինք #37 | Րաֆֆի Ետալեան- ը` արուեստի, ինքնութեան եւ «վերջնական» հայրենիքի մասին

🎨Արուեստի պատմութեան մէջ այդ մէկը ընդգծուած է. ինչի՞ մասին է խօսքը։💓Սէրը ի՞նչ կը բերէ։Խաղաղութիւնը ի՞նչ կը բերէ իր հետ։🇦🇲Հայու ճակատին ի՞նչ գրուած է։Հայ նկարիչ կոչուիլ ի՞նչ կը նշանակէ։Ի՞նչ տեսակ հայրենիք երազել եւ ինչո՞ւ։⭕Այս նիւթերուն մասին Սագօ Արեան զրուցած է լիբանանահայ հայրենադարձ արուեստագէտ՝ Ռաֆֆի Ետալեանին հետ։

04-19
35:33

Recommend Channels