ՄԷԿ ՔԱՂԱՔ ԵՐԿՈՒ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ -II- ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ: Եղիա Աքկիւն
Description
Առաջին Բանաստեղծութիւն
Եահիա Քեմալ Պէյաթլը
Անձայն Նաւը
Թարքմանեց: Հմայեակ Յակոբեան
ԱՆՁԱՅՆ ՆԱՒԸ
Թէ ժամանակը տուած է նշանը խարիսխ առնելու
Դէպ անծանօթ կը մեկնի նաւ մը անձայն ու հլու:
Կարծես չունի՜ ուղեւոր, անխօս առաջ կ՛ընթանայ,
Անշո՛ւք երթ, ո՛չ ձեռք մեկնող, ո՛չ թաշկինակ շարժող կայ:
Յուղարկ եկած ընկերներն, կայքին վրայ գրկաբաց
Օրեր համբուն կը սպասեն, ակնկառոյց, աչքով թաց:
Օ՛հ, հէք սրտեր, մի՛ կարծէք թէ այս նաւն է սոսկ վերջին,
Եւ կամ վերջին խոր սուգն է, ցաւով լեցուն այս կեանքին:
Սիրող եւ կամ սիրական, սպասումն է անհարկի,
Մեկնողն անդարձ մեկնեցաւ, օրէնքն այս է աշխարհի:
Ճամբորդներէն անհամար, չեղաւ մէկը, որ ետ գայ,
Կարծես գոհ են անոնք ալ, իրենց տեղէն հեռակայ:
Երկրորդ Բանաստեղծութիւն;
Կարպիս Ճանճիկեան
ՅՈՒՍԱԼՔՈՒՄ
Կոտրէ սիրտս զոր յոյսերով լեցուցիր
-բաժակն հէք գինիի-
Թող որ թափին բոսոր ջուրին մէջ անոնք
Քանզի իտէալը տեսայ:
Անձայնօրէն, վեհօրէն եկուր
եկուր կոտրէ գիշերով
բաժակն այս գիշերին:
Ու մէկ առ մէկ թող ընդգրկեն աստղերն
երազն իրենց լուսաշող
ու ջախջախուի գաղափարիդ վեհ արձան
ուր արշալույս մը պիտի ծնի:
Եկուր երթանք ուռիին տակ միասին
որ ուխտեցինք անցեալէն:
Եկուր ձուլուինք բջիջ առ բջիջ
թէ կէսերն ենք մեր նիւթին:
Դուն այն ատեն զգացուեցար ու լացիր,
յետոյ դարձար դիտելու
աչերն իմ` ապա աստղերն նուաղկոտ...
Քեզմով հոգիս արտասուեց:
Մօտեցիր հեղ մըն ալ փաթթուինք իրարու
լուսինը մեր գլխին
լոկ նարօտ մըն է մահուան...
Քալենք
Ծով, դաշտ, լեռ, ձոր ու բլուր:
Արտասանեց: Եղիա Աքկիւն
Երաժշտութիւն: Ուտի Հրանդ
Նկարներ: Արա Կիւլեր