ՄԷԿ ՔԱՂԱՔ ԵՐԿՈՒ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ -III- ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ: Եղիա Աքկիւն
Description
ՄԷԿ ՔԱՂԱՔ ԵՐԿՈՒ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ-III-
Առաջին Բանաստեղծութիւն
ՃԵՄԱԼ ՍԻՒՐԷՅԱ
ՉՈՐՍ ԵՂԱՆԱԿ
Թարգմանեց: Սեւան Տէյիրմենճեան
Արտասանեց: Եղիա Աքկիւն
ՉՈՐՍ ԵՂԱՆԱԿ
Գարնան շիրիմը թող թաղեն ձեզ
Տերեւներու պէս էիք հանդիպեր
Բոյրերու նման էիք սիրաբաներ
Գարնան շիրիմը թող թաղեն ձեզ
Ամռան շիրիմը թող թաղեն ձեզ
Իբր առաջին անգամ էիք հանդիպեր
Վերջին անգամու պէս սիրաբաներ
Ամռան շիրիմը թող թաղեն ձեզ
Աշնան շիրիմը թող թաղեն ձեզ
Ողկոյզներու պէս էիք հանդիպեր
Որդերու նման սիրաբաներ
Աշնան շիրիմը թող թաղեն ձեզ
Ձմռան շիրիմը թող թաղեն ձեզ
Փողոցներու պէս էիք հանդիպեր
Շուկաներու պէս սիրաբաներ
Ձմռան շիրիմը թող թաղեն ձեզ
Երկրորդ Բանաստեղծութիւն
ԿԱՐՊԻՍ ՃԱՆՃԻԿԵԱՆ
ՍՐՃԱՐԱՆԸ ԲԱՑՕԹԵԱՅ ՀՐԱՊԱՐԱԿԻ ՎՐԱՅ
աղջիկներ կը քալեն
տեսակ մը զղջումով
ձեռքերնին փէշերուն վրայ դրած
քովս պարապ
կաղ աթոռ մը կ՛երերայ
քանի մը կաթիլ արցունք
կ՛իյնայ աչքերէս
տունն է մայրս
անիկա կը փչէր աչքերուս
եւ կ՛ըսէր
«քամուն բերածը քամին կը տանի»
եւ աչքերս կը բանամ
աղջիկներ կը քալեն
տեսակ մը զղջումով
ձեռքերնին փէշերուն վրայ դրած
քովս պարապ
կաղ աթոռ մը կ՛երերայ
կը թափին արցունքի կաթիլներ
աչքերէս վար
չկարծէք որ կու լամ
աչքիս մէջ փոշի փախաւ